ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ’ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Իսկ կարգ մը աշակերտներ չունին համակարգիչ մը, որ կարենան օգտագործել սոյն նպատակին համար։ Իւրաքանչիւր աշակերտի պէտք է նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի հեռու չմնան ուսման ընթացքէն։

 

Այս առումով, կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքի անդամներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները կեդրոնացնեն նման այժմէական օգնութեան մը համար։

 

Սոյն նպատակաւ, կարելի է գնել նոր համակարգիչ մը ու նուիրել զայն Պատրիարքարան կամ գումարը փոխանցել հետեւեալ հաշիւներուն՝ օգտագործելու համար նոյն նպատակաւ, որ է 1.500,00 ԹԼ։

 

Դիմել Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանէլի՝ հեռ – 0533 415 5018 կամ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի՝ հեռ ‑ 0532 272 9216 համարներուն։

 

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
TL HESABI IBAN
TR81 0006 4000 0011 0320 6373 86

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
USD HESABI IBAN
TR22 0006 4000 0021 0323 3693 81

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
EUR HESABI IBAN
TR97 0006 4000 0021 0323 3848 12

USD ve EUR hesapları için :
Türkiye İş Bankası, Kurtuluş Şb.
SWIFT CODE : ISBKTRISXXX

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ