ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով 27 Հոկտեմբեր 2019, Կիրակի գիշեր կը մեկնի Մայր Աթոռ՝ մասնակցելու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն։

 

Նորին Սրբազնութիւնը Իր բացակայութեան շրջանին լիազօրած է Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ ու Լուսարարապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը վարելու Աթոռոյ ընթացիկ ու համայնքիս վարչա-եկեղեցական գործերը, նաեւ ի պահանջել հարկին ներկայացնելու Աթոռը՝ ներքոյ ու արտաքոյ։

 

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ