ՅՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ ԵՒՍ ՏՕՆԵՑԻՆ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Kategori: Միջեկեղեցական
181959747_1838353859657822_3741274310537097244_nԻնչպէս ծանօթ է, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան Տաղաւարը կը տօնեն ըստ հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի կը զուգադիպէր 2 Մայիս, Կիրակիի։ Ըստ աւանդութեան՝ Յոյն Եկեղեցւոյ տաղաւարի արարողութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Եկեղեցին։
181257320_1838354609657747_2732834065101398154_nԱյս տարի ընդառաջելով Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրին, միայն Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը։ Յանուն Աթոռոյս արարողութեան իրենց մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեան։ Յընթացս արարողութեան, զանազան լեզուներով ընթերցուած Ս. Գրային բաժիններու կարքին, Հայր Սուրբը հայերէնով ընթերցեց Աւետարանը։ Այս առթիւ, յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին փոխանցեց նաեւ շնորհաւորաններ եւ բարեմաղթութիւններ։181828925_1838353752991166_434539843614596312_n