ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

golodՊոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք այս տարի եւս յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի Տօնին, իր վախճանման տարեդարձի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուար 2013 Հինգշաբթի, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Արարողութեանց ներկայ եղան բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Գույումճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Յակոբ Սրկ. Փափազեան եւ Բրկ. Գարեգին Դպ. Աւետիքեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։

Հանդիսապետ Հայր Սուրբը Տէրունական Աղօթքէն առաջ աւուր պատշաճի քարոզեց բնաբան ունենալով Սիմէոն Ծերունիի խօսքը. «զի տեսի՛ն աչք իմ զփրկութիւն քո. զոր պատրաստեցեր առաջի ամենայն ժողովրդոց։» (Ղկս. 2.30-31)

Ան, իր քարոզի ընթացքին շեշտեց Տեառնընդառաջի տօնակատարութեան կարեւորութիւնը մեր հոգեւոր կեանքերէն ներս։ Տեառնընդարաջի Տօնը, Ս. Ծննդեան 40րդ օրն էր, որ այս տարի մեծ պահոց շրջանին կը զուգադիպէր։ Հաւատացեալը մեծ պահոց շրջանին կը ջանայ փնտռել լոյսը եւ Տեառնընդառաջի Տօնը լաւ առիթ մըն է զգալու Ճշմարիտ Լոյսը, որ Սիմէոն Ծերունիի բառերով. «պիտի ըլլայ յայտնութիւն հեթանոսներու համար» (Ղկս. 2.32)։ Յիսուս Քրիստոսը երեք յատկանշական առիթներով կը տեսնենք Տաճարի մէջ։ Նախ՝ տակաւին քառասնօրեայ մանուկ տաճար կ՚ընծայուէր Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի եւ Յովսեփի կողմէ։ Երկորոդ՝ տասնըերկու տարեկանին երբ տաճարի մէջ գտնուողներուն կ՚ուսուցանէր։ Երրորդ՝ երբ տաճարը կը մաքրէր առուծախ ընողներէ, յայտնելով թէ՝ Աստուծոյ տունը աղօթքի տուն է։ Տեառնընդառաջի տօնը, մեզի կը յիշեցնէր Աստուծոյ ընծայուելու կարեւորութիւնը։ Նաեւ ընդգծեց մանուկները դէպի Աստուծոյ Տունը առաջնորդնելու անհրաժեշտութիւնը որպէսզի անոնք  մուտք գործեն Աստուծոյ տունը եւ հոն հաղորդ դառնան մեր ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի թափօր կազմուեցաւ դէպի Ս. Ամենափրկիչ մատուռը, ուր կը հանգչին Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի եւ Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարքներու աճիւնները։ Կատարուեցաւ պաշտօն Երանաշնորհ հովուապետներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հոգահանգստեան արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի խումբ մը սաները։

Յետ արարողութեանց, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան կողմէ սարքուեցաւ հոգեճաշ Եկեղեցւոյ Կոլոտ Պատրիարք Սրահին մէջ։