ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

 

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 26 Մարտ 2018, Երկուշաբթի երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Յունական Հիւպատոսարանի բնակարանին մէջ։ Կազմակերպութիւնը տեղի կ’ունենար Յունաստանի Ազգային Տօնին առթիւ։

 

Նորին Սրբազնութիւնը յանուն Հայ Համայնքին շնորհաւորեց Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Էվանկէլոս Սէքէրիսը։

HUNASDAN AZKAYIN DON

 

Աւագ Հիւպատոսը եւս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան ներկայութեան համար։