ՅՈՒՆԱՑ ԲԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Rum Patrikhanesi19 Դեկտեմբեր 2014, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ եկած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեան եւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, այցելութիւն տուին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին, յանձնելու համար Վեհափառ Տիրոջ հրաւիրագիրը։

Վեհափառ Հայրապետը Յունաց Պատրիարքը կը հրաւիրէր մասնակցելու, 28 Սեպտեմբեր 2015ին կատարելի Միւռոնօրհնութեան արարողութեան։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Տիրոջ հրաւէրին եւ ըսաւ թէ այս նիւթը Ս. Սինոտի նկատառման պիտի յանձնէր եւ ըստ այնմ պիտի պատասխանէր եղած հրաւէրին։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ անցած այս այցելութիւնը տեւեց կէս ժամ եւ պատուիրակութիւնը հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ Յունաց Պատրիարքարանէն։