ՅՈՒՆԱՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

163Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 29 Յուլիս 2005, Ուրբաթ առաւօտԳնալը Կղզիի Յունաց Այլակերպութեան Վանքը այցելեց։ ՆորինԱմենապատուութիւնը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ ՔահանայՈւզունեանի, Յունաց Վանքին մէջ ամառուան շրջանին գործողկազդուրման կայանի բացման առթիւ՝ ներկայ գտնուեցաւ ՕրթոտոքսԵկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Բարթոլոմէոս ԱՍրբազանի նախագահութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագին։Նկատելով որ Ուրբաթ օրերը վանքի եկեղեցւոյ ուխտի օրն էր, մեծթիւով կղզեբնակ յոյներ, հայեր եւ ասորիներ եւս մասնակցեցանարարողութեանց։ Հակառակ անոր որ արարողութիւնը կը կատարուէրկազդուրման կայանի բացման առթիւ, արարողութեանց մանակցողմանուկներուն թիւը տասնեւհինգ հոգին չէր անցներ։

Յունաց Պատրիարքին մամլոյ զեկոյցը
Արարողութեանց աւարտին Բարթոլոմէոս Պատրիարքը սուրճ առաւ եւիրենց ապրած նեղութեանց մասին հարցնող ներկայ մամլոյթղթակիցներուն ըսաւ. «Շատ անհանգիստ ենք եւ նեղութիւն ունինք։1938 թուականէն ի վեր այստեղ ամառուան շրջանին գործողկազդուրման կայանը այս տարի դժբախտաբար թէ ուշ եւ թէ առանցմանուկներու բանալ հարկադրուեցանք։ Ուշ բացուելուն պատճառաւտղոց մեծամասնութիւնը ծնողներուն հետ մեկնեցան իրենց գիւղերը։ Հիմա պարտաւորուած ենք զանոնք մի առ մի հաւաքելու։ Թէեւ շատդժուար պիտի ըլլայ, սակայն պիտի ջանանք այդ ընել, ապրեցնելուհամար այս աւանդութիւնը։

§Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը մեզի թուղթ ստորագրելուզեց, որպէսզի կարենանք վանքի շէնքը գործածել իրենցմէփոխառաբար։ Այսպիսի բա՞ն կ՚ըլլայ։ Մեր կալուածը գործածելուհամար ինչո՞ւ իրենցմէ արտօնութիւն պիտի ստանանք։ Այս վանքը մերնախահայրերուն կողմէ հաստատուած է եւ մեզի կը պատկանի։Ի՞նչպէս կրնան այստեղի յոյն համայնքի գոյութիւնը ուրանալ եւի՞նչպէս կրնան գրաւել այս վանքը։ Բարոյական անհատականութիւնչունինք եղեր։ Եթէ չունինք այդ պարագային թող տան։ Այս ի՞նչտեսակի մտայնութիւն է։ Ահա այսպիսի անընդունելի կիրարկումներուպատճառաւ հարկադրուած ենք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին դիմելու։ Մեծ Կղզիի մեր որբանոցին հարցն ալ ասոր կը նմանի։ Հարկաւ թէ ԵՄԻԱ-ին դիմեցինք։ Այսուհետեւ ալ ամէն անիրաւութեանց համար բնականաբար պիտի դիմենք¦։

Իրաւաբան Քէզպան Հաթէմիի յայտարարութիւնը
Յունաց Պատրիարքութեան իրաւաբանական խորհրդականներէն Իրաւաբան Քէզպան Հաթէմի հետեւեալը զեկուցեց.
§Փոքրամասնութեանց վաքըֆները գրաւելով, գրաւեալ վաքըֆներու իրավիճակի վերածելը իրաւաբանական սխալ է։ Այսպիսի կիրարկումները կարելի չէ նոյնիսկ իսլամական վաքըֆներու համար ընդունելի գտնել։ Կրօնական համայնք մը կայ։ Համայնքը ինք կ՚որոշէ թէ իր կալուածը ինչ նպատակով պիտի օգտագործէ։ Համայնքին հոգեւոր պետն ալ բնականաբար բարոյական անձնաւորութիւն ունի։ Յարգարժան նախարար Մեհմէտ Ալի Շահինի փոքրամասնութեանց վաքըֆներու մասին ըրած յայտարարութիւնը դժբախտ երեւոյթ մըն է։ Նկատելով որ ինք ալ իրաւաբան է, իրաւաբանական շրջանակներ իր յայատարարութիւնները հասկնալի չեն գտներ¦։

Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կարծիքը
Ապրուող նեղութեան մասին իր կարծիքը հարցնող մամլոյ թղթակիցներուն Նորին Ամենապատուութիւնը պատասխանեց հետեւեալ կերպով. §Գնալը Կղզիի այս կատարին վրայ վանքի մը հաստատութեան թուականը, գիրքերէն կը սորվինք, որ կ՚երթայ մինչեւ վեցերորդ դար։ Միւս պատմական յուշարձաններու նման այս վանքին եւս յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել եւ պէտք եղած վերանորոգումները կատարել պէտք էր։ Սակայն փոխանակ ատոնք ընելու, մեր քաղաքի ամենաչքնաղ անկիւններէն Իշխանաց Կղզիներու այս վանքին մէջ ապրուած իրարանցումը բնաւ լաւ երեւոյթ մը չէ։ Ճիշդ ալ չէ։ Իրապէս  շատ ափսոս։

§Եւրոպական երկիրներու Թուրք կամ այլ Իսլամ հաւաքականութիւնները ինչերո՞ւ պէտք ունին, որպէսզի կարենան իրենց գոյութիւնը շարունակեն։ Բնականաբար իրենց լեզուները, կրօնքը եւ մշակոյթը յաջորդ սերունդներու փոխանցելու համար վարժարաններու եւ ուսուցիչներու, իրենց հաւատքը ապրելու եւ ապրեցնելու համար աղօթատեղիներու եւ կրօնաւորներու, իսկ երրորդ՝ առաջին երկու հաստատութիւնները պահելու համար պէտք եղած նիւթական աղբիւրները գոյացնելու նպատակը հետապնդող միութիւն կամ վաքըֆներու նման հիմնարկներու պէտք ունին։ Թուրքիոյ մէջ ապրող քրքահպատակ յոյն, հայ, հրեայ, ասորի, քաղդէացի հայրենակիցներուն ալ պէտքերը ասոնցմէ տարբեր չեն։ Սակայն այս երեք մարզին մէջ ալ ափսոս որ տակաւին նեղութիւններ ունինք։ Ասիկա ճիշդ բան մը չէ։

Լոզանի Միջազգային Դաշնագրի այս տարուան տարեդարձը շատ հետաքրքրական էր։ Լոզանի փողոցներուն մէջ գնացքներ կազմակերպուեցան։ Աթաթիւրքի յուշադամբանը այցելութիւն կազմակերպելով տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Լոզանիի Դաշնագիրը 1923 թուականին ստորագրուեցաւ։ Իսկապէս եթէ Լոզանի Դաշնագիրը կ՚ընկալուի որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատման վաւերագիրը, ուրեմն ես չեմ հասկնար, որ այս վաւերագիրը մինչեւ հիմա դեռ ինչո՞ւ շնորհքով կեանքի չէ կոչուած։ Լոզանի Դաշնագրին 37-43րդ յօդուածները առընչուած են փոքրամասնութեանց հետ։ Կարելի՞ է ըսել, թէ վերջին 82 տարիներու ընթացքին այս յօդուածները գոծադրուած են։ Խնդրեմ այս յօդուածները կէտ առ կէտ գործադրուին։ Եթէ այդ յօդուածները գործադրուէին, արդէն իսկ ուրիշ օրինական բարեկարգումներու հարկ չէր մնար։

Սիրոյ Սեղան
Յունաց Կազդուրման կայանի բացման օրը տիրող տխուր մթնոլորտին մէջ, վանքի սեղանատունը սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ։ Կայանի պատասխանատու տիկիններէն մէկը եւ Աղեքսանրոպոլսոյ Գերշ. Տ. Անթիմոս Մետրոպոլիտը իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին։

Բարթոլոմէոս եւ Մեսրոպ պատրիարքները ճաշէն յետոյ վանքին ծերունազարդ մայրապետը այցելեցին ու միասնաբար սուրճ առնելէ ետք վանքէն բաժնուեցան։ Բարթոլոմէոս Պատրիարք Հէյպէլի Կղզիի Այա Թրիատա Վանքը գնաց։ Իսկ Մեսրոպ Պատրիարք վերադարձաւ Գումգաբը։