ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

Յոյն Օրթոտոքսներու Ծայրագոյն Պատրիարքը՝ Նորին ՍրբութիւնԲարթոլոմէոս Ա., 2 Յուլիս 2005, Շաբաթ միջօրէին այցելեց ԿեսարիոյՍ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Եկեղեցին։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ՝ Արժ. Տ. ՄիւռոնԱւ. Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան 1 Յուլիս,Ուրբաթ երեկոյեան ցամաքի ճամբով մեկնած էին Կեսարիա,դիմաւորելու համար Նորին Սրբութիւնը եւ իր հետեւորդները։ ԻսկՆորին Սրբութեան կ՚ընկերանային Տապլինի Գերշ. Տ. ՏիարմուիտՄարթին Արքեպիսկոպոսը եւ Յունաստանէն ժամանած վանականներ,մայրապետներ ու ուխտաւորներ՝ ընդամէնը մօտաւորապէս 100 հոգի։

Շաբաթ առաւօտ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ժամերգութիւններէնյետոյ, Նորին Սրբութեան ժամանումը ողջունուեցաւզանգահարութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջօրհնեց մատուցուած աղն ու հացը։ Ապա իր հետեւորդներով «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց տաճար։ ՆորինՍրբութեան առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ յունարէն աղօթք, որունաւարտին Բարթոլոմէոս Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեցՄեսրոպ Պատրիարքին, որ ազնուութիւնն ունեցած էր հոգեւոր հայրերուղարկել Կեսարիա, որպէսզի դիմաւորուէին եւ իրենց ուխտի աղօթքըկատարէին։ Նորին Սրբութիւնը եւ իր հետեւորդները Հայոց Եկեղեցիէնմեկնեցան գոհունակութեամբ։

Հիւրերու մեկնումէն յետոյ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւԵրեխայից Ս. Պատարագ։ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ բնակողընտանիքի անդամներուն Ս. Հաղորդութիւն մատակարարուեցաւ եւիրենց փոխանցուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան հայրականօրհնութիւնները։

Նոյն օրը ժամը 17.00-ին, Արժ. Տ. Տ. Միւռոն եւ Գրիգոր աւագքահանաները ցամաքի ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։