ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԶԱՏԿԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

bartholomeosՍ. Զատկի տօնին առիթով, 13 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական բաժնի վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տեղեկատուական Բաժնէն Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Յունաց Պատրիարքարան։

Նորին Սրբազնութիւնը, Պատրիարքարանի մուտքին միաբաններու կողմէ դիմաւորուելէ յետոյ, նախ առաջնորդուեցաւ Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Եկեղեղի, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ Պատուիրակութիւնը եկեղեցւոյ մէջ «Գովեա Երուսաղէմ» Ս. Յարութեան շարականը երգելէ յետոյ, ուղղուեցաւ Նորին Սրբութեան աշխատասենեակը, ուր ընդունուեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի կողմէ։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը յանձին Նորին Սրբութեան, շնորհաւորեց Յոյն համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ ինք այս տարի Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկի արարողութեանց նախագահած էր իր ծննդավայրի՝ Իմրոզի մէջ, ուր երկար տարիներ Ս. Զատկուան արարողութիւնները չէին կատարուած։ Այս արարողութիւնը իրեն համար ուրոյն տեղ ունէր, նկատելով որ իր մանկութեան վայրին մէջ, մերձաւորներուն հետ կը մասնակցէր սոյն արարողութեանց։ Տօնական այս մթնոլորտը կը վայելէին նաեւ արտասահմանէն Իմրոզ ժամանած ուխտաւորներ։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց թէ, ինք կը հետեւէր Իմրոզի մէջ կատարուած արարողութեանց եւ մեծ ուրախութեամբ կը տեսնէր ուխտաւորներու ներկայութիւնը Նորին Սրբութեան ծննդավայրին մէջ։ Բարթոլոմէոս Պատրիարքը եկեղեցական նիւթերու մասին խորհրդածելով, Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեց Սումէլայի մէջ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին առթիւ կատարուելիք արարողութեանց։ Արամ Արքեպս. յայտնեց թէ, ինք ուրախ պիտի ըլլայ ներկայ գտնուելու Սումէլայի մէջ կատարուելիք արարողութեանց։

Նորին Սրբնութիւնը, այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց այցելուներուն, անոնց նուիրեց նաեւ աւանդական զատկական հաւկիթները։