ՅՈՒՆԱՑ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

bartholomeosՅունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը իր հետ ունենալով Սուրբ Սինոտի երրորդ քարտուղար՝ Փաիսոս Սարկաւագը, 4 Ապրիլ 2013, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին Ս. Յարութեան Տաղաւարը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղան նաեւ Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։

Բարթոլոմէոս Պատրիարքը յանձին Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր մէջ շնորհաւորեց Հայ համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Անդրադառցաւ տօնական օրերու կարեւորութեան, քանի որ քոյր եկեղեցեաց հոգեւորականներ առիթը կ՚ունենային փոխադարձ այցելութիւններով զիրար շնորհաւորելու եւ վայելելու Քրիստոնէական սիրոյ եւ եղբայրութեան մթնոլորտը։ Այս ուղղութեամբ, մաղթեց որ քոյր եկեղեցիներու միջեւ առկայ դրական մերձեցումը յարատեւէ։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան ընծայած այցելութեան համար։ Ինք եւս մաղթեց որ Յոյն համայքը արժանանար վայելելու հին տոմարի համաձայն տօնելի Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը։