ՆԱԻՐԱ ՍԷՐԹՇԻՄՇԷՔԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, Նաիրա Սէրթշիմշէք, 27 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ իր հայրը եւ ազգային գործիչ՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք։

Ինչպէս ծանօթ է, Նաիրան, վերջերս Թուրքիոյ Ձիավարութեան Դաշնակցութեան (TBF) կազմակերպած «Ալթան Քըրաչ Եէնի Պինիճիլեր» մրցումին մասնակցած ու խլած էր առաջնութեան բաժակը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց պատանի այցելուին եւ իր հօրը։ Յայտնեց թէ՝ համայնքէ դուրս միջոցառումներու մէջ, համայնքիս զաւակներուն արձանագրած յաջողութիւնները եւս գոհունակութեան պատճառ կը դառնային նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ մօտ։ Ձիավարութեան մարզի մէջ արձանագրուած այս յաջողութիւնը, վստահաբար մեծ ուրախութիւն առթած էր իր ընտանիքին մօտ։ Այլապէս, Պատրիարք Հայրը եւս անձամբ ուզած էր միանալ այս երջանկութեան եւ իր խնդակցութիւնները յայտնել։

NAIRA SERTSIMSEK 2

Հանդիպման առիթով Նաիրան շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Սրբազան Հօր ցուցաբերած հայրական մերձեցումին համար։ Որպէս մրցանակակիր, Պատրիարքարանի մէջ գտնուիլը իրեն համար եւս մեծ ուրախութիւն էր։

NAIRA SERTSIMSEK

Պատրիարք Հայրը, դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ իր ծնողքին մասին։ Անոնք ներկայիս կը շարունակէին իրենց համայնքանուէր ծառայութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առիթով շնորհաւորեց Նաիրայի, Արամեան Ունճեան Վարժարանէ շրջանաւարտութիւնը ու յիշեցուց ուսման եւ աշխատութեան կարեւորութիւնը։ Վստահութիւն յայտնեց թէ՝ Նաիրան, ապագային եւս որպէս զարգացած ու լաւ պատրաստուած երիտասարդուհի, իր ներդրումը պիտի բերէր համայնքային կեանքէն ներս։ Պատրիարք Հայրը, շնորհաւորեց իր ծնողքը, որոնց ցուցմունքներուն դրական ազդեցութիւնները զգալի էին։ Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց այցելուները եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց։