ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ինչպէս տեղեակ են մերազն ժողովուրդի անդամները, 4 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին Եկեղեցականաց Համագումար Ժողով գումարուած եւ «Պատրիարքական Տեղապահ»ի  ընտրութիւն կատարուած էր։

 

Այսպիսով սկսած կը համարուէր Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։

 

Առ այդ, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան պաշտօնական գրութեամբ Համայնքային ու Թաղային Խորհուրդներու Ատենապետները եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամները խորհրդակցական Ժողովի մը հրաւիրեց, որ տեղի պիտի ունենայ 17 Յուլիս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ։