Նարեկացի Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Պէշիկթաշ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Նախագահ՝ Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան
Դպրապետ՝ Արման Սրկ. Մարաշլեան

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ 1925-ական թուականներուն Պէշիկթաշի մէջ կը տեսնենք բազմաձայն երգչախումբ մը, որ կոչուած է Գրիգոր Նարեկացիի անունով, որպէս Նարեկացի Երգչախումբ։ Սակայն այս խումբը երկար կեանք չունեցաւ։ Այսօրուան երգչախումբը 1932ին հիմնուեցաւ ու մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Արական ըլլալով կազմուած այս խումբին առաջին վարիչը եղած է Խաչիկ Սուճեան։ Խումբը աւելի վերջ եղած է երկսեռ ու շրջան մը երգած է Եկմալեան քառաձայն պատարագը։ Դպրաց Դաս Երգչախումբը վերակազմուած է 1989ին։

Խումբը Ս. Պատարագը այժմ Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի ղեկավարութեամբ կ՚երգէ Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութեամբ։