ՆԵՐՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Kategori: Փաստաթուղթեր
  1. Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ իրագործելի համակարգեալ աշխատանքները յարմար դատուած է որ Հայ Հիմնարկներու Միութեան երդիքին տակ կատարուին։ Որովհետեւ համայնքի աղքատ եւ տարեցներուն հասնելու նպատակաւ այժմու վարչական դրութեան օգտագործումը կը նկատուի ազդու միջոց։ Իւրաքանչիւր թաղի գործօն կազմակերպութիւնը կ՚իրագործուի Եկեղեցիներու վարչութիւններու, աղքատախնամ մարմիններու, վարժարաններու ծնողաց միութիւններու, սանուց միութիւններու համատեղ գործակցութեամբ։

 

  1. Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ քարտուղարութիւնը կը գործէ որպէս հաղորդակցութեան կեդրոն։ Պէտք եղած հեռաձայնի եւ համացանցի կապերը պիտի ապահովուին ու յայտարարուին։

 

  1. Թաղերու մէջ կամաւորներու միջոցաւ օժանդակութեան զօրակոչ մը պիտի սկսի, առաջնորդութեամբ՝ եկեղեցւոյ վարչութիւններուն։

 

  1. Օժանդակութեան եւ ծառայութեան մարզերն են հետեւեալները.

Ա. Արձանագրեալ աղքատներուն հասնիլ եւ ի պահանջել հարկին յաւելեալ պարէնի յատկացնելով եւ նիւթապէս օժանդակելով։

Բ. Հասնիլ՝ իրապէս օժանդակութեան կարիքը ունեցողներուն, որոնք արձանագրեալ չեն։

Գ. Ճշդել անոք տարեցները եւ դիմագրաւել իրենց կարիքները ։

Դ. Առողջապահական հարցերու պարագային ուղեցոյց ըլլալ անոնց, որոնք տեղեկութիւն քաղել եւ կամ օժանդակութիւն կը խնդրեն։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հետ ազդու հաղորդակցական կապ հաստատել։

Ե. Իրենց թաղերուն մէջ պատահած ժահրի վարակումներու մասին կեդրոնին տեղեկութիւն հաղորդել։

Զ. Առանձին ապրողներու խօսակից ըլլալու պատրաստ կամաւորներու հետ հեռաձայնային խօսակցութեան գիծեր հաստատել։

Է. Հոգեւորականներու եւ կամաւոր հոգեբաններու հետ խորհրդակցական գիծեր հաստատել։

 

  1. Հայ Հիմնարկներու Միութեան դիւանը որպէս կեդրոն պիտի համակարգէ իւրաքանչիւր թաղէ ներս տարուած աշխատանքները եւ պիտի հետապնդէ կատարելի գործերը։

Այսօր մեր ապրած դժուարութիւնները ընկալենք որպէս մեր սրտերէն ներս մարդասիրութեան զգացումը զօրացնող առիթներ  եւ այն ինչ որ կրնանք ընել որպէս բարեգործութիւն եւ ներդրում, չզլանանք մեր նմաններէն։ Յոյսը զօրացնենք։ Աստուծոյ օգնութեամբ ի մօտոյ գեղեցիկ օրերն ու գարունը  կը սպասեն մեզ։

Աղօթարար՝

Սահակ Բ

Պատրիարք Հայոց