ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԸ ՏՕՆԵՑ ԻՐ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԸ

Kategori: Եկեղեցական

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասը, իր անուան տօնախմբութիւնը կատարեց 5 Յունիս 2005 Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։ Սոյնդպրաց դասը իր անունը կ՚առնէ Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետէն,երբեմնի Գնալը Կղզիի Ներսէսեան Վարժարանէն ու Ներսէսեան Ընկերութենէն (միութենէն) ու յատկապէս ամրան եղանակին գործունէութիւն կը ծաւալէ կղզեբնակ երիտասարդներու եւ մանուկներու արձակուրդը լաւագոյնս արժեւորելու համար։

53aՍ. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Բարեկրօն Սայաթ Դպիր Չնարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Բարեշնորհ ՌոյՍրկ. Քիւչիւքաթէշի եւ մասնակցութեամբ Բրշ. Սահակ Սրկ. Պչաքչըի։Արարողութեան մասնակցեցան Տքթ. Յարութիւն Տիմիճիօղլուի ատենապետութեամբ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը եւ կղզեբնակ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր քարոզին մէջ կեդրոնացաւ երկուգլխաւոր նիւթերու վրայ։ Առաջինն էր Ս. Ներսէսի վարքէն քաղուածհոգեւոր դասը. Հաւատացեալներ չեն կրնար բաւարարուիլ լոկ աղօթք,ծէս ու Ս. Գրոց ընթերցանութեամբ։ Ս. Հոգիին պտուղները մերկեանքին մէջ տեսանելի պէտք է որ ըլլան։ Ինչպէս Տէր Յիսուս կըյիշեցնէ, անօթի մարդու մը համար աղօթել չի բաւեր, պէտք է զայնկշտացնենք։ Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ աղքատները յիշել, սակայնիրենց նեղութեանց փարատման համար բան մը չընել անընդունելի է։Հաւատացեալներ իրարու հետ ընկերային զօրակցութեան մէջ պէտք էըլլան։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի երկրորդ բաժնին մէջանդրադարձաւ օրուան աւետարանական ընթերցուածին։Աստուածային պատուիրանները, օրէնքներ, կանոններ,իրաւաբանական ու վարչային կանոններ բնականաբար կարեւոր են։Ամէն մարդ թէ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրելու եւ թէընկերութեան մէջ խաղաղ համակեցութիւն ունենալու համար պէտք էյարգէ թէ Աստուածային եւ թէ պետական օրէնքները, առաւելագոյնճիգ պէտք է վատնէ զանոնք գործադրելու համար։ Սակայն ինչպէս ՏէրՅիսուս կը սորվեցնէ, Աստուածային պատուիրաններուն իսկ ոգի՛ն է որաւելի կարեւոր է, քան տառը։ Ի՞նչ է որեւէ օրէնքի դրդապատճառը։Ասիկա պէտք է հասկնալ։ Այն ատեն միայն օրէնքը ոչ թէպարտադրաբար, այլ՝ հասկնալով ու կամովին կ՚որդեգրուի եւ կեանքիկը վերածուի։ Օրինակ, եթէ Շաբաթ ու Կիրակի օրերը արձակուրդիմասին օրէնքը եթէ հիւանդանոցներու մէջ ալ գործադրուէր ուհիւանդանոցները շաբաթավերջերուն փակ ըլլային, բժիշկներն ուբուժքոյրերը շաբաթավերջերուն մերժէին աշխատիլ, ի՞նչ կըպատահէր։ Մտածելն իսկ մարդուս սարսափ կը պատճառէ։ Քրիստոսիուսուցումը բացայայտ է. Օրէնքը մարդուն համար տրուած է, մարդըօրէնքին պէտք չէ ծառայ դառնայ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ 1857էն իվեր Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ մէջ ծառայող բոլոր հանգուցեալ դպիրներու հոգիներուն, ի մասնաւորի ջերմագին սիրովյիշատակուեցան վաղամեռիկ դպիրներ՝ Միհրան Պիլէքճի, Կարօ Պալըմեան եւ Արփինէ Արզուման, որոնք անմոռանալի դէմքեր են դպրաց դասու այժմու անդամներուն համար։

54Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջսարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Երիտասարդ գործարար Խաչիկ Ճանէլ յանուն Ներսէսեան Դպրաց Դասու սիրով ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ներկաները։ Հաւաքաբար երգուեցան տոհմիկ երգեր։

Սիրոյ սեղանը փակուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։Ապա երիտասարդներ եկեղեցւոյ պարտէզը վոլէյպոլ խաղացին։Երիտասարդներէն խումբ մը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ եւ խորհրդակցեցան եկեղեցւոյ, համայնքի եւ երիտասարդներու հետ կապուած հարցերուշուրջ