ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

nersesyan koroԳնալը Կղզիի Ներսէսեան Դպրաց Դասու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասու նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 5 Սեպտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 09.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 8 Սեպտեմբեր 2013, Կիրակի պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները եւ անդամները։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին դպրաց դասու ամրան շրջանի աշխատանքներուն՝ մանկանց առաքելութեան ու հրատարակչական գործունէութեան մասին։ Հայր Սուրբը յիշեցնելով որ Ներսէսեան Դպրաց Դասը հազիւ 3 ամիս գործունէութիւն կը ցուցաբերէ, սակայն ունի լայն աշխատանքի դաշտ մը եւ տարիներէ ի վեր նոյն աշխատանքը կը տանի մեծ սիրով։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց որ այս շաբաթավերջին պիտի հանդիսապետէր Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուելիք կրօնական հանդիսութեանց, այս պատճառաւ ինք դպրաց դասու տարեդարձին ներկայ պիտի չգտնուէր։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։