ՆՈՐԱՅՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇԸԳԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներէն՝ Նորայր Եպիսկոպոս Աշըգեան վախճանած էր 21 Յուլիս 2017, Ուրբաթ։ Այս առթիւ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, յանուն Պոլսոյ Պատրարքական Աթոռոյ եւ հոգեւորականաց դասու ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Սրբազան Հայրը իր նամակին մէջ նշած է թէ՝ Պայծառակերպութեան Տաղաւարի առթիւ մեր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի եւ պիտի յիշատակուի նաեւ լուսահոգի սրբազան հայրը։