ՆՈՐԻՆ ՍՐԲԱԶՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ

Kategori: Աշխարհական

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲԱԶՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 10 Փետրուար 2018, Շաբաթ երեկոյեան ժամը 19.00-ին հրաւիրուած էր «Վերածնունդ եւ Երիտասարդութեան Խմբակ»ի (Տիրիլիշ վէ Կէնչլիք Ֆէտէրասիօնու) կողմէ սարքուած ասուլիսի մը, որ իբրեւ կարգախօս ունէր «Ձեռք ձեռքի միշտ զօրաւոր Թուրքիա» (Էլ էլէ հէփ կիւչլիւ Թիւրքիյէ)։

Սոյն հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նախկին նախարար Էկէմէն Պաղըշ, նահատակ եւ վէթէրաններու (շէհիթ վէ կազիլէր) ընտանիքները եւ զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։

 ARAM SRPAZAN DIRILIS 3

Սրբազան Հայրն ալ հրաւիրուեցաւ իր խօսքն ուղղելու, որ շեշտեց համերաշխութեան ու միասնականութեան կարեւորութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար երկրի զաւակներուն ցուցաբերած քաջագործութիւններուն։

 

ARAM SRPAZAN DIRILIS 2

 

Սրբազան Հայրը, ապա հրաւիրուեցաւ ստանալու իր յուշատախտակը եւ շնորհակալութիւն յայտնելց սոյն հրաւէրին համար։