ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊԸ ՔԷՕԼՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Kategori: Միջեկեղեցական
213

Բենեդիկտոս ԺԶ. օդանաւէն կ՚իջնէ

214

Սրբազան Պապի ողջոյնի խօսքը՝ զինք դիմաւորողներուն

217

Սրբազան Պապը նաւէն կ՚օրնէ գետափին հաւաքուած երիտասարդները

 Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս  ԺԶ. Պապը 18 Օգոստոս 2005, Հինգշաբթի, Համաշխարհային Երիտասարդաց Օրուան մասնակցելու համար Քէօլն ժամանեց եւ օդակայանը դիմաւորուեցաւ Գերմանիոյ Նախագահ՝ Հորսթ Քէօհլէրի եւ տիկնոջ, Վարչապետ՝ Կերհարտ Շրէօտէրի եւ տիկնոջ, եւ Քէօլնի Կարտինալ՝ Եոախիմ Մայսնէրի կողմէ։

215Հազարաւոր երիտասարդներ Ռայն գետի ափերուն շարուած կը սպասէին Սրբազան Քահանայապետին եր կէսօրէ ետք յատուկ նաւով պիտի ժամանէր եւ Մայր Տաճարի մերձաւոր ափին ցամաք պիտի ելլէր։

 216

Ժամը 18.30-ի շուրջ, Սրբազան Պապը ժամանեց, իր նաւէն ողջունեց երիտասարդները, ապա ցամաք իջաւ եւ ուխտի այցելութիւն տուաւ Քէօլնի Մայր Տաճարին, ուր աւանդութեան համաձայն կը գտնուին Բեթղեհէմ այցելող արեւելեան երեք իմաստուններու՝ Մելքոն, Գասբար եւ Պաղտասարի մասունքները։

218

Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ Երեք Իմաստուններու բարեխօսութիւնը