Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

 

Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը 6 Մարտ 2018, Երեքշաբթի յետ միջօրէին փափկավարական այցելութիւն մը շնորհեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցէր Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան Կալուածոց Տեսուչ Գերպտ. Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

 

Հիւր Պատրիարքն ու Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը ունեցան աւելի քան մէկ ժամուան տեսութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ մէկ շաբթուան ժամանակով կ’այցելէր Ստանպուլ՝ Թուրքիոյ մէջ գտնուող Սաղիմապատկան կալուածոց իրաւական հարցերով։

DSC04391

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ եղան կարծիքի փոխանակումներ։ Ապա Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առաւ ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։