ՇԱՀԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՃԷՄԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԱԾ

Kategori: Եկեղեցական

112Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Դասու անդամներէն՝ ՇահէԱրքեպիսկոպոս Աճէմեան վախճանեցաւ Երեւանի մէջ։

Վախճանեալը հիմնադիրն էր Երեւանի Համալսարանի Աստուածաբանական Ֆաքիւլթէի, որուն տեսչական պաշտօնը կը վարէր ցարդ։

1926-ին ծնաւ Հալէպ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանընծայարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ 1947-ին ձեռնադրուեցաւկուսակրօն քահանայ։ Պրիւքսէլի Համալսարանի մէջ հետեւեցաւգրականութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն եւ ստացաւպսակաւորի աստիճան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանդիւանապետութեան պաշտօնը վարելէ յետոյ, 1965-ին ընդունուեցաւԵրուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամակցութեան,նոյն տարին ձեռնադրուելով եպիսկոպոս։ Երուսաղէմի մէջ վարեցՊատրիարքական Աթոռի Դիւանապետի եւ կալուածոց տեսչի պաշտօն,ըլլալով գլխաւոր աջակիցը հանգուցեալ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի։

Երուսաղէմի իր ծառայութեան միջոցին ձեռագիր մատեաններուգողութեան եւ վաճառման ծանօթ հարցին մէջ ունեցաւ տխուրմասնակցութիւն։ Հանգուցեալ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի հետգործուած այս արարքին պատասխանատուութիւնը ուզեցին բեռցնելՊոլսոյ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքին վրայ։ Սակայնարդարութիւնը յաղթանակեց եւ Երանաշնորհ Հայրապետիանմեղութիւնը հաստատուեցաւ։ Վախճանեալը նաեւ Երուսաղէմիմիաբանութեան եւ Սաղիմահայ համայնքի անդամներէնամբաստանուեցաւ վանքի ազգապատկան հողերէն ոմանք վաճառածըլլալու արարքով։

1994-ին Միաբանական Ժողովի որոշումով արտաքսուեցաւմիաբանութեան շարքերէն եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւՀայաստան, ուր ապա հիմնադիրն եղաւ ԵրեւանիԱստուածաբանական Ֆաքիւլթէին։