ՇԻՇԼԻԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Շիշլիի Մարմնամարզական Ընկերութեան վարչայինները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Ալէն Թէքպըչաքի 23 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն. Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

2020 SISLI SPOR KULUBU

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։