ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

15578017_684525775040642_5626838692735134097_oՇիշլիի Քաղաքային Խորհուրդի նորընտիր անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Եաւուզ Մէրիչի. 21 Դեկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, այց ելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ Կարօ Համամճեան, որ միեւնոյն ժամանակ անդամներէն մին է այս խորհուրդին։

Խորհուրդի անդամները փափաքած էին, յետ ընտրութեան քաղաքավարական այցելութիւն տալ Պատրիրաքարան։ Խորհրդը կամուրջի պարտականութիւնը ստանձնած է ժողովուրդի եւ Շիշլիի Քաղաքապետարանի միջեւ։ Այս շրջագծով անոնք, Շիշլիի Քաղաքապետութեան սահմաններուն մէջ բնակող մերազն ժողովուրդի խնդիրները լսել ուզեցին Փոխանորդ Սրբազանէն։
Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ պատշաճ տեղեկութիւններ փոխանցեց հիւրերուն։