ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2012, Երեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան շնորհաւորական այցելութիւն տուին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան Նորին Սրբութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։

Մօտ կէս ժամուան սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս յանուն անձին, Կրօնական Ժողովին ու Հայ համայնքին շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ու Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնելով կատարուած այցելութեան համար, ըսաւ որ ուրախացուցիչ էր անշուշտ եղբայրական այցելութիւնը, որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի երկկողմանի։

bartholomeosԲարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան այցելեցին քաղաքիս Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղը ու շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան տօնը։

Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան այցելութիւն տուին քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Յովհաննէս Ս. Արքեպս. Չօլաքեանին, ապա՝ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լուի Փըլաթր Ս. Եպիսկոպոսին։

Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան այցելեցին Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան տօնը։

Քոյր եկեղեցիներու պետերը, շնորհաւորութեանց կողքին, մասնաւորաբար հետաքրքրուեցան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր առողջական վիճակով եւ ըսին, որ սրտանց աղօթող են իրեն համար։

Իսկ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան 24 Դեկտեմբեր 2012, Երկուշաբթի երեկոյեան այցելութիւն տուին Մխիթարեան Միաբանութեան Փանկալթիի Վանատունը, մասնակցեցան Ս. Պատարագին եւ շնորհաւորեցին վարդապետները։