ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2015, Ուրբաթ, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

10302116_522682387891649_7355071113249135716_nՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի, ժամը 14.00-ին, այցելեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղը։

Նոյն ժամուն, Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լուի Փըլաթր Ս. Եպիսկոպոսին եւ Իր անձին մէջ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեց Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ս. Ծնունդը։

ժամը 15.00-ին, խումբին միացաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ այցելութիւն տրուեցաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

887226_522682157891672_3311432223409986858_oԸնդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան Նորին Սրբութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։

Մօտ կէս ժամուան տեսակցութեան ընթացքին, այցելուներ Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորահաւորեցին Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։ Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք այցելութեանց եւ բարի մաղթանքներուն համար շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ եղբայրական աւանդական այցելութիւնները կը շարունակուէին։

10269044_522682291224992_8588242114980837852_oԽումբը, ժամը 16.00-ին, այցելութիւն տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին, ու շնորհաւորեց իրենց Ս. Ծննդեան տօնը։

Այցելութեանց վերջինը ժամը 17.00-ին, Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին տրուեցաւ։ Հանդիպման ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքային հաստատութեանց վարչութեանց ներկայացուցիչներ։

9176_522682164558338_8221834772654759700_n734860_522682161225005_6620621158180296355_nԱրամ Արքեպս., յանձին Գերապայծառ Տիրոջ շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս. Ծննդեան Տօնը։ Իր կարգին Լեւոն Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան։ Հանդիմպան ընդացքին անակնկալ եւ միեւնոյն ժամանակ տպաւորիչ յայտագիր մը գործադրուեցաւ։ Յայտնի տուտուկի արուեստագէտներէն Էրթան Թէքին եւ Հայ Կաթողիկէ Հոգեւորականներէն Հայր Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, տուտուկ նուագեցին եւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին արժանի եղան։

Իսկ, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, այցելեց Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը։
Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակ մաղթանքը այն էր, որ դրացի երկիրներու մէջ տիրէր անդորրութիւնը եւ անգամ մը եւս շեշտեցին թէ կ՚աղօթեն վասն խաղաղութեան աշխարհի։

24 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի երեկոյեան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Բրկ. Պարէտ Կսրկ. Պալըքճեան այցելութիւն տուին Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցին եւ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը, օրուան պատգամը տալէ յետոյ, հրաւիրեց, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետը աւուր պատճաշի քարոզելու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Սխիթարեան Վարժարանի աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան ներքեւ Ս. Ծննդեան երգերով եւ բեմադրութեամբ ներկայացուցին Մանուկ Յիսուսի ծնունդը։12377719_522682431224978_7698297115848947407_o