ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2018, Երեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի, այցելեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին ու շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ու Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

HUNATS

Ապա, խումբը, այցելութիւն տուաւ Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր՝ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին։ Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ.Չոփուրեան, Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքային հաստատութեանց վարչութեանց ներկայացուցիչներ։

HAY KATOLIK

Այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին։

ASORVOTS

 

Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակաց մաղթանքը այն էր, որ Թուրքիոյ եւ Իր դրացի երկիրներու մէջ տիրէր անդորրութիւնը եւ անգամ մը եւս շեշտեցին թէ կ՚աղօթեն վասն խաղաղութեան աշխարհի։

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան այցելեց Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը։

Գերպ. Տ. Զաքէոս  Ծ. Վրդ. Օհանեան այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ՝ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսին։

HAYR ZAKEOS LATIN KATOLIK 2018

Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, այցելեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլըն։

Իսկ, 24 Դեկտեմբեր 2018, Երկուշաբթի երեկոյեան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ներկայ գտնուեցաւ Պէյօղլուի Սէն Անթուան Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ու Ս. Ծննդեան տօնակատարութեան։ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան ներկայ գտնուեցաւ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։

IMG-20181225-WA0007