ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

2019 FENER ZIYARET

2019 FENER 2

 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Պատրարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը ու Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Ժամը 15.30-ին այցելութիւն տուաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

2019 SURYANI KADIM NOEL

Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան Յունաց Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, ուր իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ Տօնական ընդունելութեանց մասնակցելու համար, Պատրիարքարան փութացած էին հոգեւորականներ ու դիւանագիտական դէմքեր։ Պատրիարքական Աթոռոյս պատուիրակութիւնը, ապա առաջնորդուեցաւ Նորին Սրբութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։

2019 ERMENI KATOLIK NOEL

Տեսակցութեան ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորահաւորեց Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։ Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, նշեց թէ, Ամանորը մեր յոյսերը դարմացնելու համար լաւ առիթ է եւ ինք կը մաղթէ ամենայն բարիք Իր ի Քրիստոս եղբայրներուն։ Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք, անգամ մը եւս շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը, այցելութեանց եւ բարի մաղթանքներուն համար շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ եղբայրական աւանդական այցելութիւնները կը շարունակուէին քոյր Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։

2019 KELDANI CHRISTMAS

Նորին Ամենապատուութիւնը, իր մօտն ունենալով ընկերակիցները, ժամը 16.30-ին, այցելութիւն տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի սրահին մէջ, որուն ներկայ էին Ասորի Համայնքէ անդամներ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական դէմքեր։ Նորին Ամենապատուութիւնը, Ս. Մետրոպոլիտի անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անդամները եւ բարեբեր Ս. Ծնունդ մաղթեց։ Ս. Մետրոպոլիտը, յատենի ներկաներուն ներկայացուց Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց թէ, ինք որպէս Պատրիարքական Աթոռոյ ամենաբարձր ներկայացուցիչը ներկայ կը գտնուէր սոյն ընդունելութեան։ Այս առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու փոխադարձ բարեմաղթութիւններ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։

2019 CHRISTMAS LATIN

Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազանը, իր ընկերակիցներով, ժամը, 17.30-ին, այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին։ Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Հայ Կաթողիկէ համայքէ վարչային դէմքեր ու քաղաքական գործիչներ։ Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, Լեւոն Գերապայծառի անձին մէջ շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի անդամները եւ մօտալուտ Ամանորին առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յղեց։ Ներկաներ, շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքավարական այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեցին նաեւ Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր իր պաշտօնին մէջ։

 

Միւս կողմէ, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի, այցելեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլըին։ Անոնք, յանուն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր շնորհաւորեցին Ասորի Կաթոլիկ համայնքի Ս. Ծննդեան տօնը։

 

Իսկ, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսին։ Հայր Սուրբն ու Տէր Հայրը, յանուն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, Ռուբէն Ս. Եպիսկոպոսի անձին մէջ շնորհաւորեցին քաղաքի Լատին Կաթոլիկ համայնքի անդամները։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձան թէ՝ Պոլսոյ մէջ օրինակելի միջեկեղեցական յարաբերութիւններով, Տէրունի Տօներու ոգեւորութիւնը ալ աւելի կը շատնային։ Ռուբէն Ս. Եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու եղբայրական ողջոյնները ուղարկեց Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Հայր Սուրբն ու Տէր Հայրը, ապա այցելեցին,  Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Ս. Եպիսկոպոսը, որուն եւս յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ փոխանցեցին Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ։

 

Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակաց մաղթանքն էր, յիշել՝ խաղաղութեան կարիքը եւ այս ուղղութեամբ արժեւորել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Տօնը։ Իւրաքանչիւրը իրենց խնդակցութիւնները յայտնեցին, քանի Պատրիարքական Աթոռը տիրացած էր իր գահակալին եւ մաղթեցին որ այս մէկը դառնայ օրհնութեան առնիթ ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքին, այլ՝ բոլոր Քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն։