ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

suryani katolikՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան այցելեցին քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղը ու շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան տօնը։

bartholomeosԱպա Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան շնորհաւորական այցելութիւն տուին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան Նորին Սրբութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։

Մօտ կէս ժամուան սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս յանուն անձին, Կրօնական Ժողովին ու Հայ համայնքին շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ու Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։ Ընդունելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ, Պողազիչի Համալսարանէն Նորին Սրբութեան պատուոյ տօքթօրայի աստիճանի շնորհման եւ անգամ եւս իր խնդակցութիւնը յայտնեց։

Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք այցելութեանց եւ բարի մաղթանքներուն համար շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ եւ իրախութիւնը յայտնեց, թէ եղբայրական աւանդական այցելութիւնները կը շարունակուէին։

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, այցելեց Քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը։

suryani kadimԱպա Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան շնորհաւորական այցելութիւն տուին Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին ու շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան տօնը։

Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան եւ Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան այցելութիւն տուին քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Յովհաննէս Ս. Արքեպս. Չօլաքեանին, ապա՝ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լուի Փըլաթր Ս. Եպիսկոպոսին։

Քոյր եկեղեցիներու պետերը, շնորհաւորութեանց կողքին, մասնաւորաբար հետաքրքրուեցան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր առողջական վիճակով եւ ըսին, որ սրտանց աղօթող են իրեն համար։

Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան եւ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան 24 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի երեկոյեան այցելութիւն տուին Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցին եւ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։ Հայր Սուրբը, ի ժամ Ս. Պատարագի, պատարագիչ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեանի հրաւէրով քարոզեց։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Սխիթարեան Հայրերու Վանատան մէջ ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ, ուր Հայր Սուրբը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորեց վարդապետները։