ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հանրապետութեան Տօնի առթիւ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի սարքած ընդունելութեան մասնակցելու համար. 29 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, Անգարա կը մեկնի։ Սոյն ընդունելութեան, իր ստացած անձնական հրաւէրով պիտի մասնակցի նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու։ Սրբազան Հայրը, Ուրբաթ օր պիտի վերադառնայ Պոլիս։