ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵԿԱՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

sihnork badriarkՊատրիարքական Աթոռոյս երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակն է 2013 թուականը։

Ան, եղաւ մէկը, որու մասին շատ բան գրուեցաւ, շատ բան արտասանուեցաւ։ Ան՝ մանկութիւն չունեցող սերունդի այս համեստ անդամը, եղաւ Յովակիմեան աւանդի երկարամեայ գահակալը։ Բոլոր պաշտօնական տիտղոս, ածական ու մակդիրներուն առընթեր, ան եղաւ նաեւ իր ժողովուրդին հայրն ու ամենասիրելի եկեղեցականներէն մին։ Կը յիշենք զինք իբրեւ սրբակենցաղ վանականը։

Իր վախճանումէն յետոյ ամէն տարի կը յիշուէր Մարտի 7ին, երբ իր հոգին աւանդեց Հօր Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Իսկ տաս տարի առաջ էր, 2003ին, իր ձեռնասունը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը փափաքեցաւ յիշատակել իր ծննդեան 90-ամեակը։ Մեր հոգեւոր Պետը, կարծես գուշակելով իր հիւանդութիւնը, անգամ մը կ՚ըսէր. “Ով գիտէ, կարելի է բախտը չի վիճակիր, երկու հանգրուաններ պէտք է նշել. մէկը Կոլոտ Պատրիարքի յոբելեանը, միւսն ալ Շնորհք Պատրիարքի տարեդարձը”։ Նոյն յուզումնալի արտայայտութիւնը ունեցաւ, երբ արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեան պատրաստեց իննիսունամեակի լոկոն, որ անկատար կլոր մըն էր, մէջը 90 թիւով։ Պատրիարք Հայրը եղաւ միակ հասկցողը այդ նշանին։ “Հարիւրին քիչ մնաց, չէ՞”։

Այսօր, ահա հասանք այդ հարիւրին եւ գիտենք որ հոգեւորապէս կը հետեւի Աթոռոյս Գահակալը իր ներքին աշխարհէն մեզի եւ Պատրիարքական Աթոռս արդէն իսկ սկսած է ծրագրել Շնորհք մեծանուն Պատրիարքի ծննդեան 100-եակը զանազան ձեռնարկներով։ Ի մօտոյ պիտի ծանուցուի այս մէկը պաշտօնականօրէն։ Երկու տարի առաջ արդէն արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի պատրաստած կիսանդրիի բնօրինակը հասած էր Պատրիարքարան եւ Ս. Զատկի յաջորդ օրն իսկ բացուեցաւ իր հօտին այցելութեան։

Տարուան մը ընթացքին մարդիկ շատ բան պիտի ըսեն ու գրեն եւ ինչու չէ՞, գծեն ու քանդակեն Շնորհք Պատրիարքի մասին։ Եւ այսօր, երբ կայ ժողովուրդի հատուած մը, որ իր կենդանի աչքերով տեսած, իր աջն ու օրհնութիւնը առած եւ անոր յիշատակը կենդանի կը պահէ իր ներաշխարհին մէջ, զայն պէտք է փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։ Երբ ամբողջ աշխարհ հպարտ է ունենալով Շնորհք Պատրիարքի նման “հովիւ” մը եւ “հայր” մը, Թուրքիոյ Հայութիւնը աւելի հպարտ կը զգայ անոր հայրութիւնը ուղղակի ապրելով։

Այսօր, սպառած են իր արդիւնաբեր գրիչին արտադրութիւնները։ Այս մէկը ցաւի առընթեր հպարտութիւն է մեզի, քանի ան դեռ կը կարդացուի իր ժողովուրդին կողմէ։ Եւ որքան գեղեցիկ է, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վերհրատարակուած են իր գիրքերէն ոմանք, եւ ոմանք՝ Երեւանի մէջ, Թէհրանի մէջ։ Իսկ իր թարգմանած չորս Աւետարանները լոյս տեսած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հրատարակչական բաժնէն, ինչպէս նաեւ իր “Աւագ Շաբաթ”ը։ Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է Երանաշնորհ Հայրապետի Աստուածաբանութեան դասի նօթերը՝ §Տեղիք Աստուածաբանութեան¦ը։ Ան կարծես կը պատկանի բոլոր նուիրապետական Աթոռներու միանգամայն, սակայն տարբեր է պարագան Պոլիսի հետ, ուր 29 երկար տարիներ գահակալեց որպէս “Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ”։

Իր հօտը կը պատրաստուի նշել Հովուապետին ծննդեան հարիւրամեակը եւ այս դարադարձով հպարտ է։

Երբ փառք կու տանք Շնորհք Պատրիարքի նման օրինակ մը ունենալով եւ իր ապրած շրջանին ապրելով, եկէք միասնաբար արտասանենք այն աղօթքը, որ Երանաշնորհ Հայրապետը կ՚արտասանէր Երուսաղէմի մէջ, ամէն սուրբի յիշատակութեան.

“Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ …
Ս. Աթոռոյս յիշատակ ընծայողաց Ինքն ողորմեսցի”։

ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ