ՇՈՒԷՏԻԱՑԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

isveçՇուէտիայի, Սէօտէրթալժ նահանգի Սանքթ Իգնատիոս Աստուածաբանութեան Վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօս Միքայէլ Հժալմի, 18 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին թէ, Ստանպուլ եկած էին ծանօթանալու համար Քրիստոնեայ համայնքներու եւ իրենց սրբատեղիներուն։ Այս առումով, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ տեսնել Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը եւ տեղեկութիւններ ստանալ Թրքահայոց մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին մասին, ապա պատասխանեց այցելուներու հարցումներուն։ Այցելուներ յատկապէս հետաքրքրուեցան Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիրարքական Աթոռոյ աշխատութիւններով։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։