ՇՈՒԿԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoՊատրիարքական Աթոռը մամուլէն եւ դիմատետրի էջերէն տեղեկացած է, թէ Ֆէրիգիւղի հնավաճառաց շուկային մէջ տեսնուած են վաճառելի եկեղեցական իրեր։

Մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Պատրիարքական Աթոռը ոչ եկեղեցիներու երէցներէն ոչ ալ թաղային խորհուրդներէն տեղեկութիւն չէ ստացած, նման իրերու կորսուած կամ գողցուած ըլլալու մասին։ Հակառակ այս իրողութեան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան սոյն հարցով բծախնդրօրէն հետաքրքրուելով, տնօրինած է եկեղեցիներու երէցներու միջոցաւ ստուգումներ կատարել։

Պատրիարքական Աթոռը հոգեւոր առումով եւ հոգեւոր կեդրոնի պարտադրած պատասխանատուութեամբ կը հետապնդէ հարցը, ստոյգ տեղեկութիւն ստանալու ուղղութեամբ։