ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄՕՏ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

159080041_1795545420605333_934749580409636531_oՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Մարտ 2021, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Ուաշինկթընի մօտ նորանշանակ դեսպանը՝ Հասան Մուրատ Մէրճանը։ Հանդիպման ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մեծայարգ հիւրը նախապէս եղած է Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներէն եւ մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէր որպէս Թոքիոյի մօտ դեսպան։ Ան, նախ քան իր նոր պաշտօնին ձեռնարկելը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Սոյն այցելութիւնը առիթ եղաւ որ Մեր Հոգեւոր Պետը յարգելի դեսպանին հետ զրուցէ ինչ ինչ նիւթերու մասին եւ յատկապէս անդրադառնայ Հայ համայնքի պատմականին։

Հանդիպման աւարտին, յարգելի հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար։ Իսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ դեսպանին, իր յետագայի դիւանագիտական գործունէութեանց մէջ։