ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ Ս.ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

Այս տարուան Մեծ Պահոց ուխտագնացութեան առաջին կայանն էր Մուսա լերան Վաքը‎ֆգիւղի Սբ. Աստուածածին Եկեղեցին։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 5 Մարտ Շաբաթ առաւօտ երբ իր հետեւորդներուն հետ հասաւ Վաքըֆգիւղ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ու պարտէզը բերնէ բերան լեցուած էին Պոլսէն, Անգարայէն, Խարբերդէն, Մերսինէն, Ատանայէն, Իսկենտէրունէն, Անտիոքէն եւ Զէյթունիէյէն եկած ուխտաւոր ժողովուրդի եւ Վաքը‎ֆգիւղցիներուխուռներամ բազմութեամբ։ Կատարուեցաւ հանդիսաւոր ժամերգութիւն եւ արեւագալ։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Ցոյց ինձ ճանապարհ յոր գնացից, զի առ քեզ, Տէր, համբարձի զանձն իմ» ¥Սաղմոս 142.8¤ բնաբանով եւ խօսեցաւ ուխտագնացութեան հոգեւոր կեանքի հետ ունեցած առընչութեան մասին։

Պատրիարք Հայրը ըսաւ. «Ամէն ոք ճանապարհէ մը կ‏þընթանայ եւ կը կարծէ թէ ամենակատարեալ ճանապարհը իրն է։ Սակայն մէկ ճանապարհ միայն կայ, որ դէպի կեանք կը տանի. այդ Տիրոջ ճանապարհն է։ Մարդ երբեմն կրնայ ինքզինք խաբել եւ իր կամքով ընտրած ճանապարհը կրնայ ընդունիլ որպէս Տիրոջ ճանապարհը։ Այս խաբկանքէն փրկուելու համար պէտք է դիմենք մեր հաւատքի ուղեցոյցին՝ Աստուածաշունչ Մատեանին։ Երբ կարդանք Աստուծոյ Խօսքը ոչ միայն մեզի կը յայտնուի Տիրոջ Կամքը այլ նաեւ հաղորդ կը դառնանք քաղցր եւ ուղիղ կեանքի սկզբունքներուն որոնք հաճելի են Աստուծոյ։ Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» ¥Յովհ. 14.6¤։ Մեր Փրկիչը Ս. Աւետարանին մէջ Իր անձը կը ներկայացնէ որպէս փրկութեան ճանապարհ։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, 1600 տարիներ առաջ, հայոց գիրերը գտաւ, որպէսզի մեր ժողովուրդը ի՛ր լեզուով հաղորդ դառնար Երկնաւոր Հօր կամքին եւ գտնէր ու մնար փրկութեան ճանապարհին մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր քարոզը շարունակեց ընդգծելով, որ Վաքըֆգիւղի Եկեղեցին ընծայուած է Ս. Կոյս Աստուածածնին։ Անդրադարձաւ Ս. Տիրամօր յորդորին` «Որ զինչ ասիցէ ձեզ` արասջիք» ¥Յովհ. 2.5¤։ Այս խօսքը քանդակուած էր եկեղեցւոյ խորանի կամարին վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Աստուածամօր այս խօսքը կոչ մը` մինչեւ իսկ կտակ մըն է բոլոր հաւատացեալներուն։ Մարդիկ իրենց հոգիներու փրկութեան կ‏þարժանանան երբ կը հաւատան, կը խոստովանին ու կեանքի կը վերածեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը»։

Յաւարտ արարողութեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ գիւղի մանուկներուն հետ, անոնց հետ կարճ զրոյցներ ունեցաւ եւ նուէրներ բաժնեց։

Գիւղապետ Պերճ Գարթունեանին եւ եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամներուն հետ ալ զրուցելէ ետք, Պատրիարք Հայրը միւս հոգեւորականներուն հետ անցաւ Չէվլիկ, ուր աւելի քան 300 ուխտաւորներ բոլորուած էին պահքի սեղաններու շուրջ Կարպիս Քուշեանի «Ալմիրա» ճաշարանին մէջ։

<>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <><
ԼՐԱԲԵՐ 08/03/2005
Հայոց Պատրիարքարանի Պարբերական Տեղեկատու
Ermeni Patrikligi, TR-34130 Kumkapi, Istanbul
Տնօրէն` Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան
Ա. Խմբագիր` Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան
Բ. Խմբագիր` Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Մամլոյ բանբեր`  Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար
T: +90 (212) 517-0970
F: +90 (212) 516¬4833
E-mail: lraper@lraper.org
<>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <><

  • 3