ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊԱՏԱՆԻԻԽԱՍԳԻՒՂԻ ՇԻՐՄԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

47Սրբոց Բեթղեհէմի Մանկանց տօնակատարութեանառիթով վերահաստատուեցաւ ուխտագնացութիւն մըոր անցեալին ամէն շաբաթ կը կատարուէր դէպիՀալըճըօղլուի (նախկին Խասգիւղի) գերեզմանատանՄարտիրոս Պատանիի շիրիմը։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 30 Մայիս 2005Երկուշաբթի առաւօտ, հետն ունենալով Պատկ.Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս.Եպս. Աթէշեանը, Հոգ. Հ. Սահակ եւ Հոգշ. Հ. Եղիշէաբեղաները, Գերյ. Հ. Ճոն Ուըլին եւ Բրշ. ՎաղարշակՍրկ. Սերովբեանը, Խասգիւղ ժամանեց ժամը 10.00-ին։Հոգեւոր դասու անդամներուն հետ խորհրդակցելէ եւՀալըճըօղլուի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Գրիգոր Նառլըի հետ խորհրդակցելէ ետք, ժամը 10.45-ին բարձրացաւ գերեզմանատան բլուրը, որուն կատարըկը գտնուի Մարտիրոս Պատանիի շիրիմը։
Ժամը 11.00-ին սկսաւ Ս. Պատարագը, զոր շիրմաքարինվրայ անձամբ մատոյց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս.Սեղանին սպասարկեց Արժ. Տ. Կորիւն Քհն. Ֆէնէրճեան,երգեցողութիւնը կատարուեցաւ ներկայհոգեւորականներուն կողմէ առաջնորդութեամբ Արժ. Տ.Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեանի։ Ներկայ էին մեծաւմասամբ Եշիլգիւղէն շուրջ 50 հաւատացեալներ,Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւԿեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան,Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւՀալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ ԹաղայինԽորհուրդներու անդամները։

Բեթղեհէմի Մանուկները
Պատրիարք Հայրը քարոզեց Տէրունական Աղօթքէնառաջ եւ նախ անդրադարձաւ Բեթղեհէմի մանկանց,որոնց յիշատակն էր 2005-ի 30 Մայիսը։ Ասոնք առաջինանմեղներն էին, որոնց արիւնը թափուած էր Քրիստոսիհամար։ Իրենց տարբերութիւնը միւս մարտիրոսներէնայն եղաւ, որ նախ անգիտակից էր իրենցնահատակութիւնը, երկրորդ՝ իրենք մեռան ԱստուծոյՈրդին ապրեցնելու համար, երբ միւս մարտիրոսներըմեռած էին Քրիստոսի ճանապարհով ընթանալու սիրոյն։Իրենց պատմութիւնը արձանագրուած է ՄատթէոսիԱւետարանին Բ. գլխուն մէջ։ Հրէաստանի ՀերովդէսԹագաւորը արեւելքէն եկած մոգերէն իմացաւ որ§Հրեաներու Արքայ¦ մը ծնած է եւ խռովեցաւ։ Բռնակալըապա հրամայեց Բեթղեհէմի եւ շրջակայքի երկուտարեկանէն վար բոլոր փոքրիկները սուրէ անցընել՝յուսալով որ անոնց մէջ կը մեռնէր նաեւ §ՀրեաներուԱրքան¦։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք կը գրէ, որայս փոքրիկները կազմեցին առաջին փաղանգը այնընտրեալներուն, որոնք, ըստ Յայտնութեան Գրքին,իրենց ճակատներուն վրայ ունին Աստուծոյ Գառնուկինանունը եւ իրենց քնարները կը զարնեն ու երգերկ՚երգեն Աստուծոյ աթոռին առջեւ։ Ասոնք շարունակԱստուծոյ ներկայութեան կը գտնուին, որովհետեւանմեղ ու անբիծ են (Յայտ. ԺԴ. 1-5)։

Մարտիրոս Պատանին
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւՄարտիրոս Պատանիի պատմութեան, որարձանագրուած է Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս ԵկեղեցւոյՀարիւրամեայ Յոբելեանի յուշամատեանին մէջ, ՅակոբՎարժապետեանի հեղինակութեամբ։ Խասգիւղի մէջժամանակին շուրջ  տասը հազար հոգինոց հայութիւնկար։ Թաղը նշանաւոր էր Ս. Ստեփանոս Եկեղեցիով,Ներսէսեան Վարժարանով, Գալֆաեան ԱղջկանցՈրբանոցով, Որբանոցի Ս. Աստուածածին չքնաղմատուռով, որոնց բոլորն ալ զոհ գացին Վոսփորիկամուրջի ճանապարհին շինութեան,ապասեփականացուեցան ու փլցուեցան։ Ուրեմն մինչեւ1970ական թուականները, Խասգիւղի հայ բնակչութեանհամար սովորութիւն էր Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջկատարուած Կիրակամուտքի արարողութիւններէնյետոյ այցելել Խասգիւղի ազգային գերեզմանատունը,բարձրանալ գերեզմանատան բլուրն ի վեր եւ ուխտիայցելութիւն տալ այնտեղ գտնուող ՄարտիրոսՊատանիի շիրիմին։

Շիրմին վրայ գտնուող արձանագրութիւնը հետեւեալն է. §Այս տապան հանգստեան, Գրիգորի որդի, ԶէրնիշանճիՄարտիրոս պատանւոյն, որ վասն հաւատոյնգլխատեալ նահատակեցաւ ՌՄԺԲ (1763) թուին¦։Մարտիրոս Պատանիի նահատակութեանմանրամասնութիւնները, թէ ինչո՞ւ եւ որո՞նց ձեռամբնահատակուած է, դժբախտաբար չէ հասած մերօրերուն, սակայն մէկ բան ստոյգ է մինչեւ 1970ականթուականները Նահատակ Պատանիին շիրիմը եղած էՊոլսոյ նշանաւոր ուխտավայրերէն մէկը՝ ՅովհաննէսԿոլոտ Պատրիարքի եւ Յակոբ æուղայեցի §ՀոգեւորՏիրոջ¦ շիրմերու կարգին։ Մարտիրոս Պատանիինշիրմին ուխտի կու գային մանաւանդ նորապսակքրիստոնեայ հարսեր, որոնք զաւակ ունենալկ՚ակնկալէին, որպէսզի իրենց ծնելիք հոգեհատորն ալՄարտիրոս Պատանիի առաքինութիւններով օժտուածըլլար։ Շիրմին ուխտի այցելութեան կու գայինմանաւանդ ամուլ կիներ, որպէսզի ՄարտիրոսՊատանիի եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեամբԱստուած լսէր իրենց աղօթքները, բանար իրենցարգանդն ու զաւակ շնորհէր իրենց, ինչպէս որ եղած էրԱբրահամի ու Սառայի, Յովակիմի ու Աննայի,Զաքարիայի եւ Եղիսաբէթի պարագային։ Շիրմինայցելութեան կու գային նաեւ աղօթելու համարորպէսզի իրենց սիրասուն զաւակները վաղաժամկորսնցնող վշտահար մայրեր Սուրբ Հոգիովմխիթարուէին։
Նորին Ամենապատուութիւնը աւելցուց, որ Խասգիւղիգերեզմանատունը յանձնուած է Ֆէրիգիւղի ՍրբոցՎարդանանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւինմատակարարութեան եւ բացի հինգ տաղաւարներումեռելոցներուն տրուած այցելութիւններէն, տարին առնուազն մէկ անգամ, Բեթղեհէմի Ս. Մանկանց տօնին,Պատրիարքական Հրամանաւ վերահաստատուած էՄարտիրոս Պատանիի շիրմին տրուած ուխտիայցելութիւնը։

Ս. Պատարագի աւարտին, Խասգիւղի ԹաղայինԽորհուրդի անդամներն ու Ֆէրիգիւղի ԵկեղեցւոյՏիկնանց Կազմը թէյասեղանով մը պատուասիրեցինԱմեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ներկայհոգեւորականները։