Ուխտաւորները Վերին Գալիլիոյ մէջ

Kategori: Եկեղեցական

Պոլսահայ ուխտաւորները ուխտագնացութեան երկրորդօրը շարունակեցին Սուրբ Երկրի մէջ այցելել զանազանՍրբավայրեր։

27 Ապրիլ Երեքշաբթի ուխտաւորները մեկնեցանԳալիլիոյ Լիճի հարաւային ափը, ուր լիճը կը վերածուիՅորդանան գետին։ Այս գետին մէջն էր որ ՅիսուսՔրիստոս մկրտուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի կողմէ։Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրութիւններ տուաւՏէր Յիսուսի մկրտութեան նշանակութեան մասին եւկարդաց Աւետարանական հատուածներ։Ուխտաւորներէն ոմանք Յորդանան գետի ջուրերունմտան եւ վերանորոգեցին իրենց մկրտութեան ուխտը։

Ուխտաւորներ յաջորդաբար այցելեցին Թաբոր Լեռը,ուր Յիսուս Քրիստոս այլակերպած էր, իրաշակերտներէն Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսիվկայութեամբ։ Տէր Յիսուսի երկու կողմերը յայտնուածէին Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները։ Լուսաւոր ամպ մըիջած էր Տիրոջ վրայ եւ երկինքէն ձայն մը հաստատածէր. §Ատիկա՛ է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ. ատո՛րմտիկ ըրէք¦ (Մատ. 17.5)։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատմեց նաեւ, որ Սրբոց Վարդանանց պատերազմը(451) գրի առնող Եղիշէ Պատմիչին կը վերագրուի «Վարդավառի Ճառը»։ Այս ճառին մէջ Եղիշէ կը պատմէ,որ հինգերորդ դարուն հարիւրաւոր ուխտաւորներ Հայաստանէն Սուրբ Երկիր եկած ու Թաբոր Լեռ բարձրացած էին։ Իրենցմէ ոմանք աւելի վերջ մնացած էին Թաբոր Լերան կատարը, ճգնելու համար վանքի մը մէջ։ Կ.Պոլսոյ Հեղինէ Թագուհիին կողմէ կառուցուած վանական համալիրին մէջ, Պոլսահայ ուխտաւորները յիշատակեցին հինգերորդ դարու հայազգի ուխտաւորները եւ այս տեղ կատարուեցաւ ԵրախայիցՍ. Պատարագ եւ ընդհանուր հոգեհանգիստ հայազգիննջեցեալներուն համար։ Ապա Թաբոր Լերան վրայկառուցուած Ֆրանչիսկեան տաճարն ալ այցելելէ եւ«Այսօր ցնծայ Լեառն Թաբոր» շարականը երգելէ ետք,ուխտաւորներն իրենց շրջագայութիւնը շարունակեցինդէպի Նազարէթ։

Նազարէթի մէջ կեսօրուան ճաշ առնելէ յետոյ,ուխտաւորները կարգաւ այցելեցին Ս. Աւետման ՅոյնՕրթոտոքս Եկեղեցին եւ ապա Ս. Յովսէփ եւ Ս.Աւետման Կաթոլիկ Եկեղեցիները։ Վերջնոյն մէջկատարուեցաւ Երախայից Ս. Պատարագ եւՊատրիարք Հայրը տուաւ պատշաճ բացատրութիւններՍ. Աւետման դէպքին մասին։

Ուխտաւորաց յաջորդ կայանն էր Կանա գիւղը, որ ծննդավայրն է հայ Ժողովուրդի Ա. Լուսաւորիչ Ս.Բարթողոմէոս Առաքեալին։ Այդ տեղ ուխտաւորները կարգով այցելեցին Յոյն Օրթոտոքս եւ Լատին ԿաթոլիկԵկեղեցիները, որոնց երկուքն ալ կը յիշատակէին այնհարսանիքը, երբ Ս. Աստուածածնի բարեխօսութեանընդառաջելով Տէր Յիսուս ջուրը գինիի փոխելովկատարած էր իր առաջին հանրային հրաշքը։

Հուսկ, ուխտաւորները Յորդանան գետի ճամբով եւշրջանցելով Երիքովը, Ս. Քաղաք Երուսաղէմբարձրացան արեւելեան ճանապարհով եւտեղաւորուեցան Կրանտ Քորթ նորակառոյց հիւրանոցը։