ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ (I.A.O.)Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ

Kategori: Միջկրօնական

I.O.A.Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովի նախաձեռնութեամբ Միաստուածային կրօններու ընկերային երեսակները քննարկելու նպատակաւ, Ռեզիտանս Իսթանպուլ Պօսփօրուս Հիւրանոցի սրահին մէջ սկսաւ համաժողով մը։

Համաժողովի, բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 3 Մարտ 2013, Կիրակի օր ժամը 18.30-ին։  Յանուն Պատիրարքական Աթոռոյս ներկայ էին՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ռուսական Տումաի անդամ Սէրկէյ Փոփով, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Յունաց Խորհրդարանի անդամ Անասթօսիօս Նէրանզիս եւ  այլ կրօնաւորներ, քաղաքական գործիչներ ու գիտնականներ։ Այս առթիւ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւս հանդես եկաւ իր ելոյթով։

Նորին Սրբազանութիւնը իր խօքին մէջ ըսաւ. Որպէս միաստուածեան կրօններու հետեւորդներ կը գտնուինք զարմանալի երկընտրանքի մը առջեւ։ Նոյն Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքը մեզ կրնայ միացնել եւ կամ բաժնել։ Կրնայ հաշտութիւն գոյացնել եւ կամ պատերազմներու պատճառ դառնալ։ Կրնայ եղբայրութիւն հաստատել եւ կամ թշնամութիւն սերմանել։ Երբ հետեւինք պատմութեան ընթացքին, կը տեսնենք թէ այս բոլորը իրականացած են զանազան առիթներով։ Նա մանաւանդ այս պատմական հողերը  ականատեսներն եղած են այս բոլորին։ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին բազում կրօններու եւ դաւանանքներու հետեւորդներ ունեցած են դարեր շարունակ հաշտութեամբ համակեցութեան փորձառութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս կրօնքի եւ դաւանանքներու հակամարտութիւններ, կրօնափոխութիւններ, յանուն կրօնքի անգթութիւններ ալ պակաս չեն եղած։ Իրարու կրօնքին եւ սրբատեղիներուն նկատմամբ յարգանք ունեցող եւ խաղաղութեամբ ապրող մարդիկ, երբ յանկարծ կը սկսին զիրար անարգել, անիծել եւ սպաննել, անոր պատճառը քաղաքականութիւնն է եւ ոչ թէ՝ կրօններու սկզբունքներն ու ուսուցումները։ Եթէ այս քաղաքականութիւնը մարդկային իրաւանց, արդարութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան հիման վրայ եւ բոլորին գոհունակութիւն առթելու ձեւով չեն ձեւաւորուիր, կրօնքի-դաւանանքի հակամարտութիւնները եւ կրօնական ահաբեկչութիւնը համայն մարդկութեան համար կը շարունակէ մնալ վէրք մը, որ փոխանակ սպիանալու կը շարունակէ արիւնիլ։»

Հանդիսութեան աւարտին Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ի պատիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Համաժողովի երկրորդ օրը, 4 Մարտ 2013, Երկուշաբթի զանազան քաղաքական գործիչներ ու գիտնականներ իրենց զեկոյցներով պիտի քննարկեն միաստուածեան կրօնքներու ընկերային երեսակները։