ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՅՏ-ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան կազմակերպութեամբ, այս տարի եւս 27 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, տեղի ունեցաւ աւանդական պտոյտ-ճաշկերոյթը՝ Գուրուչէշմէյի ծովահայեաց ճաշարաններէն մէկուն մէջ։ Սոյն առթիւ հրաւիրուած էին Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հանգստեան կոչուած ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ։

2019 USUTSICHNER 3

Տեղապահ Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ իւ սրտի խօսքով ու շնորհաւորեց ուսուցչաց տօնը։ Ան շեշտը դրաւ մարդակերտումի կարեւորութեան վրայ եւ գնահատեց ուսուցչաց վաստակը։

2019 USUTSICHNER 2