ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ուսուցչաց Միութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Կարապետ Մխալեանի 14 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան ու Եուղաբեր Պոյաճեան։

 

Այցելուները եկած էին Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրելու ուսուցչաց օրուան առթիւ կատարելի ձեռնարկին։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին։

TEAO

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։