ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

alfa urarԳուրուրչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ այս տարուան վերջին Արեւագալի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 8 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։

Արարողութեանց ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը գնահատելով եկեղեցւոյ լուսարար Բրկ. Ալֆա Դպ. Օհանեանի ծառայութիւնը, իրեն ուրար կրելու մասնաւոր արտօնութիւն շնորհեց։  Նորին Սրբազնութիւնը, ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց՝ Բրկ. Ալֆա Ուր. Դպ. Օհանեանը։