ՉԷԽ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 25 Սեպտեմբեր 2019 Չորեքշաբթի երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Չէխ Հանրապետութեան Ազգայնացման Տօնին առթիւ՝ Հիլթըն Հիւրանոցի սրահներուն մէջ։ Սոյն Տօնը ծանօթ է նաեւ «Բարի Արքայ Վէնսէսլաս» անունով եւ ձօնուած է Արքային սրբացման, որ տեղի կ՚ունենայ 935 թուականին իր սպանութենէն ետք։

CEK 1

Նորին Սրբազնութիւնը մուտքին դիմաւորուեցաւ Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Ժիրի Չիսթէսքիի կողմէ, որ ձեռնարկած էր իր պաշտօնին 15 օրեր առաջ։ Ան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ Համայնքի շնորհաւորեց Չէխիոյ Ազգայնացման Տօնը։

CEK 2

Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը առիթը ունեցաւ նաեւ Հանրապետութեան Նախագահին կողմէ Չէխիոյ մօտ Թուրքիոյ Դեսպան նշանակուած Էկէմէն Պաղըշին հետ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։