ՊԱԶԷԼԷ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

Պազէլէ ուխտաւորաց խումբ մը 30 Յունուար 2015, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, Հայ Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին Պատրիարքարան։ Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ մասին։