ՊԱԼԱԹՈՒ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

Բարեզարդման աշխատանքները աւարտուած ըլլալով, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 10Սեպտեմբեր 2005, Շաբաթ, առաւօտեան ժամերուն, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուած օծմանարարողութեամբ։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան, վեղարաւոր եւ քահանայ հայրեր։

§Բաց մեզ, Տէր¦ շարականի երգեցողութեան ժամանակ՝ ՆորինԱմենապատուութիւնը  տաճարի պատմական բանալիով երեք անգամերկաթեայ դուռը բաղխելէ ետք, զանգակներու զուարթ հնչիւններովբացուեցան դռները եւ ներկայ հոգեւորականներն ու հաւատացեալներըուրախութեամբ մուտք գործեցին բարեզարդեալ տաճարէն ներս։

Քահանայ հայրեր փոխն ի փոխ կատարուած սաղմոսերգութեանժամանակ, օրհնեալ ջուրով եւ գինիով սրբեցին եկեղեցւոյ սեղաններըեւ Ս. Մկրտութեան աւազանը։ Աւագ  Սուրբ Սեղանը, յարակիցՉարխափան Ս. Աստուածամօր եւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի ընծայուած սեղանները եւ եկեղեցւոյ սրբազան բեմըօծուեցան ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Աջակողմեան Ս. Պօղոս-Պետրոս մատրան սեղանները, Ս. Մկրտութեան Աւազանը եւձախակողմեան Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի ընծայուածմատրան սեղանը օծեց Գերշ. Տ. Շահան Սրբազան։

Ապա կատարուեցաւ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն աւարտին իրանդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Զաքար Քհն. Քոփարեան։

ՊԱԼԱԹՈՒ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ 
Պոլսոյ 38 եկեղեցիներուն մէջ յատուկ տեղ ունի Պալաթու Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Եկեղեցին։ Դարերու ընթացքին համբաւ վայելած էորպէս հրաշագործ եւ չարխափան սրբավայր։ Նախ, տաճարինլուսաղբիւր մատրան մէջ կը գտնուին Սբ. Արտեմիոս Վկայիհրաշագործ աճիւնները։ Ապա, §Փոքր Արմաշ¦ կոչուածՔարակիւմրիւկի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցին 1900-ին հրոյճարակ դառնալէն յետոյ, Պալաթ բերուած է Քարակիւմրիւկի Չարխափան Ս. Աստուածամօր համբաւաւոր սրբանկարը։

Եկեղեցին նախապես եղած է Յունաց պատկանող աղօթատեղի մը՝Այիոս Եւտրատիոս (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ) անուամբ ծանօթ։ Երկար ժամանակէ ի վեր անգործածելի եւլքուած այս եկեղեցին 1627 թուին գնուած է եւ յաջորդ տարինբարեզարդուած։ Եկեղեցւոյ առաջին այս ստացման բարերարներն ենԳրիգոր Դարանաղցի եւ Արիստակէս Խարբերդցիվարդապետները։ 1628-ին բարեզարդուած եկեղեցին կ՚այրի։ ԳրիգորԴարանաղցի վարդապետ կը ձեռնարկէ վերանորոգութեան գործին։

Եկեղեցին 28 Սեպտեմբեր 1692 թուին՝ Մատթէոս Պատրիարքիշրջանին, իսկ ապա 16 Յուլիս 1729-ին Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շրջանին  երկու անգամ եւս հրոյ ճարակդարձած եւ վերակառուցուած է։ 1834-ին կը ձեռնարկուի այսօրուայքարակերտ տաճարի կառուցման։ Այս շինութեան ընթացքին է, որ կըյայտնուին Ս. Արտեմիոս Վկայի նշխարները, որ զգուշութեամբկ՚ամփոփուին եկեղեցւոյ ներքնայարկը։ Եկեղեցին պաշտամունքի կըվերաբացուի 8 Սեպտեմբեր 1835 թուականին ձեռամբ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքի։

Պալաթու Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ գործած է Խորէնեան Վարժարանը։ Նաեւ 27 Յունիս 1923 թուականին, թէեւ կարճատեւ, կըսկսի գործել հոգեւորականներ պատրաստելու համար ընծայարան մը,վերատեսչութեամբ Արմաշու Դպրեվանքին վերջին փոխ-վանահայր՝Երանաշնորհ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Նարոյեանի (ապաՊատրիարք) եւ վարչութեամբ Արտաւազդ Ծ. Վարդապետ Սիւրմէեանի։

Պալաթու Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ գործած է նաեւ տպարան մը։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին եկեղեցւոյ շրջաբակինմէջ գործած է գաւառէն Պոլիս գաղթած տղոց յատուկ Մանկանց Բոյնմը, որ նախախնամական դեր ունեցած է գաւառացի տղոցդաստիարակութեան եւ ուսման կապակցութեամբ։