ՊԱԼԸՔԼԸԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՏՈՒՌԸ ԵՒ ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Surp Sarkis (4)

Պալըքլըի Գերեզմանատան Ս. Սարգիս Մատուռն ու Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցին, որոնք բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էին, 5 Փետրուար 2021, Ուրբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցան։ Արարողութեանց ներկայ էին Աթոռոյս միաբան հայրերն ու քահանայ հայրերը, ինչպէս նաեւ Սահակեան Դպրաց Դասէն սպասաւորներ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն անդամներ, այլ նաեւ՝ գերեզմանատան պատասախանատուները։Surp Sarkis (8)

Ժամը 10.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց Պալըքլըի Գերեզմանատունը եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց եւ մատրան պատասխանատուներու կողմէ։ Ապա, մատրան մուտքին կատարուեցաւ Դռնբացէքի Արարողութիւն, որմէ յետոյ ներկաներ մուտք գործեցին մատուռ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Սարգիս Մատրան փայտեայ սեղանը, որ բարեզարդման աշխատութիւններու ընթացքին Արիֆ Մազմանի բարերարութեամբ վերստին կերտուած էր։ Ինչպէս նաեւ Գերեզմանատան պատասխանատուներու կողմէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մայր Խորանի նմանողութեամբ պատրաստուած՝ Ս. Աստուածածնայ եւ Մանուկ Յիսուսի սրբապատկերը եւս օծուեցաւ՝ Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց Ս. Սարգիս Մատրան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն, որոնց օժանդակութեամբ Ս. Սարգիս Մատուռը առաւել եւս փայլուն ու պայծառ դարձած էր։S. Hagop (4)

S. Hagop (7)

Պալըքլըի արարողութենէն յետոյ Մեր Հոգեւոր Պետը ուղղուեցաւ դէպի Ալթըմէրմէր եւ ժամը 11.30-ին հասաւ Ս. Յակոբ Եկեղեցին։ Այստեղ ներկայ էին նաեւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիները։ Պատրիարք Հօր ժամանումէն յետոյ սկսաւ նաւակատիքի արարաղութիւնը եւ արտասանուած աղօթքներով եկեղեցին վերստին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Օծման արարողութենէ յետոյ, տեղի ունեցաւ Ճաշու Ժամերգութիւնը, որուն աւարտին քարոզեց Պատրիարք Հայրը։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամին մէջ ուրախութիւնը յայտնեց աղօթքի տուն մը բարեդարդուած տեսնելով եւ այս առիթով իր օրհնութիւնը փոխանցեց եկեղեցւոյ պայծառութեան նպաստողներուն։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ բարեզարդուած եկեղեցին կը յիշեցնէ նաեւ թէ՝ հաւատացեալներ եւս կը կոչուին եկեղեցի, բնակարանը դառնալով Ս. Հոգիին եւ մենք պէտք է ջինջ պահենք մենք զմեզ։ Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Ալէքսան Քումաշին, որ ստանցնած էր եկեղեցւոյ բարեզարդման բարերարութիւնը։ Պատրիարք Հայրը օրհնեց նաեւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը եւ մաղթեց որ Քորոնայի համավարակը իր աւարտին հասնի եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ շարունակեն աղօթասացութիւնն ու քարոզխօսութիւնները։ Արարողութիւնը իր աւատին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/730214020829094

 

  • Surp Sarkis (1)
  • Surp Sarkis (4)
  • Surp Sarkis (2)
  • Surp Sarkis (5)
  • Surp Sarkis (3)
  • Surp Sarkis (6)
  • Surp Sarkis (7)
  • Surp Sarkis (8)
  • S. Hagop (1)
  • S. Hagop (2)
  • S. Hagop (6)
  • S. Hagop (4)
  • S. Hagop (3)
  • S. Hagop (5)
  • S. Hagop (7)
  • S. Hagop (8)