ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնները տեղի ունեցան 7 Յուլիս 2013, Կիրակի, Պայծառակերպութեան Տաղաւարին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։

urarՍ. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան։ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց անդրադառնալով Պայծառակերպութեան խորհուրդի իմաստին։ Յաւարտ քարոզի աւանդական աղաւնիներու արձակումը տեղի ունեցաւ ի նշան սիրոյ եւ խաղաղութեան։ Ապա Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ երեք երիտասարդ դպիրներ՝ Արա Էօզկիւնտիւզ, Արտա Տիւշէն եւ Արտա Սունա ուրար կրելու մասնաւոր արտօնութիւն ստացան ձեռամբ Սրբազան Հօր։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հանգստեան աղօթքներով յիշուեցան եկեղեցւոյ ի Քրիստոս ննջած ծառայողները եւ բարերարները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Պատարագիչ Տէր Կորիւն Քահանան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, որ տաղաւարի առիթով ուրարակրութեան արտօնութիւն շնորհած էր եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորներուն եւ այս առթիւ անոնց նուիրեց Ս. Գիրքեր։

urar 2