ՊԱՇՏՕՆ՝ Ի ՀԱՆԳԻՍՏ ԵՂԲԱՅՐ ՌՈԺԷԻ ՀՈԳՒՈՅՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

211Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 17 Օգոստոս 2005, Չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին, իր ուղեկիցներուն հետ ժամանեց «Friend-Ship» նաւը, որուն բացօթեայ երրորդ յարկին վրայ, Միւնսթէրի Կաթոլիկ Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Մոնս. Եոզէ‎ֆ Եպիսկոպոս Վոսսի եւ Գերյ. Հ. Հանս-Բերնդ Քէօփփէնի առընթերութեամբ մասնակցեցաւ երեկոյեան ժամու աղօթքներուն եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ կատարուեցաւ 16 Օգոստոսի երեկոյեան սպաննուածԹէզէ Միաբանութեան մեծաւոր՝ Եղբայր Ռոժէի հոգիին համար։

Հոգեւոր երգեր երգուեցան գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ լատիներէն լեզուներվ։ Գիրքերու ընթերցումէն յետոյ անգլերէն լեզուով դամբանական խորհրդածութիւն մը ըրաւ Պատրիարք Հայրը ակնարկելով Եբրայեցւոց Թուղթի յորդորին. «Ուրեմն մենք ալ՝ որ մեր շուրջը վկաներու այսչափ բազմութիւն մը ունինք, մէկդի՛ ձգենք ամէն հպարտութիւն ու ծանր մեղքը եւ համբերութեամբ ընթանանք դէպի մրցասպարէզ, որ բացուած է մեր առջեւ. նայինք Յիսուսին, հաւատքի զօրագլուխին, զայն կատարեալ դարձնողին՝ որ իր առջեւ դրուած ուրախութեան փոխարէն յանձն առաւ խաչը, արհամարհեց ամօթը եւ նստաւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը» (Եբր. ԺԲ.1,2)։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Եղբայր Ռոժէ մեզի ժամանակակից հազուագիւտ սուրբերէն է, որ իր կատարած միջեկեղեցական հաշտութեան եւ համամիութենական առաքելութեամբ այսուհետեւ պիտի յիշատակուի որպէս քրիստոնէական հաւատքի պատմութեան մղոնաքարերէն մէկը։ Իր կեանքի օրինակը, Աստուծոյ եւ համայն մարդկութեան նկատմամբ սնուցած անփոխադարձ ու անանձնական սէրը հոգեւոր քաջալերանք պիտի ըլլայ մեր հաւատքի ուղիին վրայ։

Մօտաւորապէս ժամ մը տեւող երեկոյեան աղօթքները փակուեցան Պատրիարք Հօր տուած վերջին օրհնութեամբ։