ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՍԱՀԱԿ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

EJIY24742018-01-26-PHOTO-00000107Պէյօղլուի Քաղապետութեան կողմէ կազմակերպուած «Պէյօղլուի Ասուլիսներ» խորագրեալ պաշտօնական հանդիպումներուն վերջինը տեղի ունեցաւ, 26 Յունուար 2018, Ուրբաթ, Երեկոյեան, Բերա Փալաս Հիւրանոցին մէջ։ Սոյն հանդիպման պատուոյ հիւրն էր Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Հանդիպման մասնակցեցան Ստանպուլի Միւֆթի Փրօֆ. Տքթ. Հասան Քամիլ Եըլմազ, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Պէյօղլուի Քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան եւ այլ հրաւիրեալներ։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Հանդիպման ընթացքին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան պահ մը բեմ բարձրանալով զրուցեցին Թուրքիոյ օրակարգը զբաղեցնող հարցերու մասին։ Մօտաւորապէս կէս ժամուան ընթացքին Մեծայարգ Վարչապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Մասնաւորապէս շեշտեց թէ սոյն հանդիպման մասնակից զանազան համայնքներու կրօնական ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը, որ կը պատկերացնէր երկրի հարստութիւնը։ Իր խօսքերու մէջ անդրադարձաւ միասնականութեան կարեւորութեան։

2018-01-26-PHOTO-00000109