ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԿՐՕՆ. ԺՈՂ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

 

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը գումարուեցաւ 21 Յունիս 2017, Չորեքշաբթի օր, ժամը 10.00-ին, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանի եւ Ատենապետութեամբ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս Մաշալեանի։

170621 GRONAGAN JOGHOV

 

 

Ժողովական Հայրերը ողջունեցին Տեղապահ Սրբազան Հօր պաշտօնի ձեռնարկումը ու յաջողութիւն մաղթեցին իրեն։ Անոնք հաւաստիացուցին, թէ իրենց աջակցութիւնը եւ գործակցութիւնը շարունակել փոխանցման այս շրջանին մէջ։

 

Ժողովական Հայրերը խորհրդակցեցան Պատրիարքական ընտրութեան անցեալի կիրարկումներու եւ ապագայ քայլերու ինչպէս նաեւ Աթոռոյ տնտեսական, դիւանական եւ գոյքերու փոխանցման գործընթացին մասին։

 

Որոշուեցաւ Եկեղեցական Համագումար Ժողով մը կատարել, 28 Յունիս 2017 Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Կրօնական Ժողովոյ ցարդ կատարուած գործունէութեան եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար։