ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՂՕԹՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logo

Սիրելի հաւատացեալներ,

Ինչպէս միշտ այս Կիրակի եւս պիտի համախմբուինք Աստուծոյ փառքին ընծայուած մեր եկեղեցիներուն մէջ, կատարելու մեր Քրիստոնէական պարտականութիւնը. Աստուծոյ Խօսքը լսելու եւ Քրիստոսի պատուական Մարմնով եւ Արեամբ հաղորդուելու։ Իւրաքանչիւր մատուցուած Սուրբ Պատարագ առիթ է վերանորոգուելու, մեր մկրտութեան ուխտերը վերանոորգելու եւ յիշելու թէ Աստուած որքան սիրած է մեզ եւ այդ սէրը ցոյց տուած՝ Իր Միածին Որդին ղրկելով աշխարհ։ Յիսուս Քրիստոս մեզի սորվեցուց ամէն ժամանակ աղօթել եւ չձանձրանալ։ Աղօթքի միջոցաւ կը բանանք մեր սրտերը. աղօթքի միջոցաւ մեր սրտի խորերէն կ՚արտասանենք բառեր, զանոնք յանձնելով Աստուծոյ հզօր կամքին ըսելով. Քու կամքդ թող ըլլայ։

Եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ նաեւ յատուկ նիւթերու մասին խորհրդածելու, անոնց վրայ մտածելու եւ այդ նիւթերու կապակցութեամբ աղօթելու։ Այսօր մենք աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթելու առընթեր կը հրաւիրուինք, աղօթք առաքելու առ Աստուած յատկապէս մեր երկրին՝ Թուրքիոյ համար։ Ծանօթ է, թէ վերջերս նկատի ունենալով ահաբեկչական շարժումներու հաւանականութիւնը, Թուրքիոյ Հանրապետական կառավարութիւնը որոշած է որ զինուորական միջամտութիւն կատարուի, նպատակ ունենալով խաղաղութեան եւ անդորրութեան հաստատումը։ Արդէն իսկ «Ձիթենիի Ճիւղ» զօրաշարժը սկսած է։ Ծանօթ է նաեւ թէ համայն Թուրքիոյ մէջ Կրօնից Տեսչութեան տնօրինութեամբ աղօթքներ կը կատարուին վասն խաղաղութեան, երկրի բարօրութեան եւ յատկապէս զինեալ ուժերու յաջողութեան համար։ Մեր Իսլամ հարեւանները իրենց հաւատքին ուղղութեամբ սիրով կ՚ընդառաջեն աղօթքի հրաւէրին։

Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ «ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրուածք, պաղատանք, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար, մանաւանդ թագաւորներուն եւ բոլոր իշխանաւորներուն համար» (Ա. Տիմոթէոս 2.1-2)։ Ուստի Պատրիարքական Աթոռը, որ մեր համայնքին հոգեւոր կեդրոնն է, հետեւելով առաքելական ուսուցման, իր կարգին տնօրինած է, որ մեր երկրի անբաժան մասնիկը՝ մեր համայնքը իր աւանդական հաւատարմական կեցուածքով, եկեղեցիներուն մէջ կատարուած արարողութեանց ընթացքին եւ կամ ի ժամ Ս. Պատարագի, աղօթք առաքէ առ Աստուած մեր երկրի բանակի զինուորեալ մանկանց համար։ Թող Ամենաբարին Աստուած մարդոց սրտերուն մէջ արթնցնէ մարդասիրական զգացումը, որպէսզի վերջ գտնեն ահաբեկչական անիմաստ շարժումները, մարդիկ գնահատելով խաղաղութեան, ողջմտութեան եւ բարօրութեան արժէքը, իրենց կեանքը հաստատեն այս արժէքներու վրայ։

Մեր անհատական աղօթքներուն մէջ եւս յիշենք այս կարեւոր նիւթերը։ Յիշենք իրենց կեանքը նահատակութեամբ կնքած զինուորները։ Աղօթենք անոնց ընտանիքներուն ու բարեկամներուն համար, որպէսզի Աստուածային ներգործութեամբ մխիթարուին։

Աստուած անսասան պահէ Թուրքիոյ Հանրապետական Պետութիւնը, անփորձ պահէ մեր երկիրը եւ հայրենակիցներ ապրին վայելելով խաղաղութեան եւ բարօրութեան պտուղները։

Տէր Աստուած ընդունի մեր բոլորին աղօթքները եւ շնորհները անպակաս ընէ մեր բոլորին վրայէն. Ամէն։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
27/01/2018