ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Ռումանիոյ Սոչավայ քաղաքին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 9-14 Օգոստոս 2017 թուականներու միջեւ, տեղի կ՚ունենայ երիտասարդաց համագումար։ Ռուամանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի հիւրընկալութեամբ

Եւրոպայէ, Մերձաւոր Արեւելքէն եւ Ափրիկէի Հայոց Թեմերէն երիտասարդներ պիտի ժամանեն Հրաշագործ Ս. Հաճկատար Վանքը։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի տնօրինութեամբ, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ, սոյն համագումարի պիտի մասնակցին Աթոռոյ ժառանգաւոր սան Բրկ. Սարվէն Կսրկ. Պչաքճեան եւ Օննօճան Հիւլեար։ Երկու երիտասարդներ Ռումանիա պիտի ճամբորդեն 8 Օգոստոս, Երեքշաբթի եւ քաղաքս կը վերադառնան 15 Օգոստոս, Երեքշաբթի։